«Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան կազմակերպած` լիբանանեան գիւղերու պասքեթպոլի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումները աւարտեցան: Այս հանգրուանին մասնակցեցան Ռապիէ Խատրաա Մաղտուշէ ակումբին մէջ (հարաւ) ութ խումբեր:
Աւարտական մրցումին Մաղտուշէ խումբը 67-58 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սաքաֆի Ռիատի Իժթիմահի խումբին, տիրացաւ տիտղոսին:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին ներկայ գտնուեցան մեծաթիւ համակիրներ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:



