Ողիմպիական ախոյեան, յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ կը հրաժարի իր պաշտօնէն:
Անոր գլխաւորած հաւաքականը քանի մը օր առաջ վերադարձած էր Պիելոռուսիայէն, ուր կատարած էր հայրենիքէն դուրս իր վերջին հաւաքը` աշխարհի ախոյեանութենէն առաջ:
Ազգային հաւաքականը 29 օգոստոսին Երեւանի Օլիմփաւանի մէջ պիտի սկսի իր վերջին հաւաքին` աշխարհի ախոյեանութեան ընդառաջ, որ տեղի պիտի ունենայ 14-22 սեպտեմբերին` Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուրսուլթանի մէջ:
Կը կարծուի, որ անոր հրաժարականին հիմնական պատճառը Արսէն Ջուլֆալակեան-Կարապետ Չալեան հակամարտութեան մէջ խումբին պառակտումն էր: