Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, յաջորդաբար 7-րդ տարին ըլլալով տեղի կ՛ունենայ Անթուան Ղորայյեպի անուան պասքեթպոլի տարիքային 7-րդ մրցաշարքը, շաբաթ, 31 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ:
Մրցաշարքի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին (Սատ Պաուշրիէ) մէջ:
Մրցումները կը շարունակուին բացումէն ետք ալ, ինչպէս նաեւ յաջորդող օրը` կիրակի, 1 սեպտեմբերին:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ շուրջ մէկուկէս ամիս տեւելիք այս մրցաշարքին մրցումները պիտի կատարուին միայն շաբաթ եւ կիրակի օրերը:
Մրցումներուն իրաւարարները պիտի նշանակուին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ: Մրցաշարքին պիտի կիրարկուին ֆետերասիոնին օրէնքները:
Նախորդ տարիներուն նման մրցաշարքի աւարտին տիտղոսակիր խումբերէն բացի պիտի տրուին նաեւ յատուկ մրցանակներ տարբեր մարզիկներու (լաւագոյն մարզիկ, ամէնէն շատ թրի փոյնթ կամ ռիպաունտ եւ այլն):
Մասնակցող խումբերուն կարգին է նաեւ ՀՄԸՄ, որ կը մասնակցի միայն մէկ խումբով` 10 տարեկանէն վար: