
Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեան հանդիսացած Լիբանանի ազգային խումբը երէկ` երեքշաբթի, 27 օգոստոսին վերադարձաւ Պէյրութ եւ արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:
Լիբանանի կազմը առանց պարտութիւն կրելու տիրացաւ տիտղոսին:
Ախոյեան կազմը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ, Լիբանանի ազգային խումբերու նախագահ Ղազի Պուսթանի:
Յայտնենք, որ Լիբանանի խմբապետ Ռեպեքա Աքըլ ճանչցուեցաւ ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկը, իսկ անոր խմբակից Լամա Մուքատտեմ` լաւագոյն սթիլ կատարողը: