Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի «Սինքուեֆիլտ քափ»-ի գերմրցաշարքի 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան ճերմակ քարերով մրցեցաւ աշխարհի ախոյեան, միջազգային դասաւորման մէջ առաջին դիրքը գրաւող նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի դէմ:
41-րդ շարժումին անոնք համաձայնեցան այս հանդիպումը աւարտել հաւասարութեամբ:
Արոնեան, որ այժմ ունի 3,5 կէտ, կը գրաւէ նախավերջին դիրքը: Քարլըսն ունի 4,5 կէտ:
Նախավերջին հանգրուանին Արոնեան կը մրցի չինացի Տին Լիրենի դէմ: