Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին երէկուան նիստէն ետք, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանը պիտի վերսկսի:
Ան յայտնեց, որ այս գծով շատ հաւանական է, որ ակումբներուն յատուկ հրաւէր մը ուղարկուի մօտիկ ապագային, որպէսզի այդ գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ տրուին այդ համագումարին ընթացքին:
Ակումբներու նախագահներուն հետ կատարուած ժողովէ մը ետք Հայտար նշեց, որ մրցումներուն պիտի արտօնուի նաեւ համակիրներուն մուտքը:
Ինչ կը վերաբերի ակումբներուն Ա. դասակարգէն Բ. դասակարգ կամ Բ. դասակարգէն Գ. դասակարգ չփոխադրուելու նիւթին, ան ըսաւ, որ ատիկա կը սերտուի շատ մեծ բծախնդրութեամբ: