Լիբանանեան Նաժահ ակումբը անգամ մը եւս եկաւ բարձր պահելու Լիբանանի անունը, երբ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ լողարշաւի միջազգային մրցաշարքի մը:
Անոր լողորդները տիրացան 105 գունաւոր մետալներու եւ հաստատեցին լիբանանեան 12 նոր մրցանիշներ:
Վերջնական դասաւորման մէջ Նաժահ գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Հիւրընկալ երկիրը, որ կը մասնակցէր 60 լողորդով (Լիբանան` 21), գրաւեց առաջին դիրքը: