Երէկ` ուրբաթ, 6 դեկտեմբերին, Ահտի եւ Անսարի պատուիրակութիւնները մեկնեցան Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուր, ուր երեքշաբթի, 10 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:
Անսարի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Ապպաս Հասան եւ Պիլալ Ֆրէյժ, իսկ Ահտի պատուիրակութեան` Մոհամետ Շըրրի եւ Եուսեֆ Եունես: