Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշեց Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի արձանը տեղադրել Լաս Ռոսասի շրջանին մէջ, ուր կը գտնուի ֆետերասիոնին մէկ գրասենեակը:
Հոն կը գտնուին նաեւ Տիեկօ Մարատոնայի, Ալֆրետօ Տի Սթեֆանոյի եւ Փելէի արձանները:
Ֆետերասիոնը ցարդ որոշում չէ տուած, թէ այդ արձանը ե՛րբ պիտի տեղադրուի: Մեսսիի արհեստավարժ ասպարէզին աւարտէ՞ն ետք` նկատի ունենալով, որ ան ցարդ ֆութպոլ կը խաղայ:
32 տարեկան յառաջապահը վերջերս տիրացաւ «Ոսկիէ գնդակ»-ին` 6-րդ անգամ ըլլալով: