Անգլիական «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Էվըրթընի ղեկավարութիւնը պաշտօնանկ ըրաւ խումբի փորթուգալցի մարզիչ Մարքօ Սիլվան` կազմին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Մանաւանդ Լիվըրփուլ քաղաքի տերպիի մրցումին կազմին կրած ծանր պարտութիւնը` Լիվըրփուլէն (5-2), բաւական դժուարամարս եղաւ ակումբին պատասխանատուներուն համար:
Ան Էվըրթընի մարզիչ նշանակուած էր մայիս 2018-ին:
«Փրեմիեր լիկ»-ի 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն նախօրեակին, Էվըրթըն 14 կէտով կը գրաւէ 18-րդ եւ վտանգաւոր դիրքը: