Անգլիական «Միրըր»-ի հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին ըսաւ, որ «օֆ սայտ»-ին գծով պէտք է նոր օրէնք մը շուտով գործադրութեան դրուի կազմակերպութեան կողմէ:
Ան ըսաւ, որ «շատ յաճախ ֆութպոլիստներուն կոլերը չեղեալ կը նկատուին: Եթէ կոլ նշանակող մը երկար քիթ ունենայ, ատիկա կը սեպուի «օֆ սայտ»: Մենք պէտք է առաջարկենք, որ «օֆ սայտ»-ի գիծէն 10-20 սմ դուրս մարզիկներուն նշանակած կոլերը նկատի առնուին իբրեւ կոլ եւ ոչ թէ «օֆ սայտ»: