Լիբանանեան Սաժես ակումբի նախկին մարզիչ Ղասսան Սարգիս պաշտօնապէս երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց սէուտական Ուահտէի հետ, որ կը գրաւէ Սէուտական Արաբիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան դասաւորման վերջին դիրքը:
Ան իրեն հետ տարաւ իր զաւակը` Ռալֆ Սարգիսը, որ միեւնոյն ժամանակ իր օգնականն է:
Ան իրեն հետ տարաւ նաեւ Ուոլթըր Հոճը եւ Քարամ Մըշրեֆը: Վերջինս իբրեւ սէուտցի պիտի խաղայ` նկատի ունենալով, որ սէուտական քաղաքացիութիւն ունի: