Ներկայութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած ժողովին տուաւ կարգ մը որոշումներ:
Որոշուեցաւ Ա. դասակարգի կիսատ մնացած ախոյեանութիւնը վերսկսիլ 24 յունուար 2020-էն սկսեալ, մինչ Ա., Բ. եւ Գ. հանգրուանէն յետաձգուած մրցումները պիտի կատարուին 12 յունուարէն սկսեալ:
Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը պիտի վերսկսի 24 յունուարին, մինչ Գ. դասակարգին ազդանշանը պիտի տրուի 31 յունուարին:
Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին մրցումները պիտի վերսկսին 17 յունուարին, ֆութսալի բաժակի մրցաշարքը պիտի սկսի 26 յունուարին, ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը` 15 մարտին, մինչ Բ. եւ Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնները` 1 փետրուարին:
12-17 դեկտեմբերին Լիբանանի 15 տարեկանէն վար աղջկանց ազգային խումբը Յորդանանի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Արեւմտեան Ասիոյ երկրորդ ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Համբիկ Միսաքեան: