Իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէու, ըսաւ, որ կ՛երաշխաւորէ Ռէալ Մատրիտի պատուիրակութեան անվտանգութիւնը` 18 դեկտեմբերին Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ «Քլասիքօ»-ի մրցումին գծով:
Ան ըսաւ, որ ակումբին ղեկավարութիւնը պատասխանատուութիւն պիտի կրէ Ռէալի պատուիրակութեան համար, սակայն վստահ է, որ որեւէ խնդիր չի յառաջանար:
Ան եզրափակեց, որ թէեւ Քաթալոնիոյ մէջ իրավիճակը լարուած է, սակայն այս մրցումը իսկական տօն պիտի ըլլայ մեր խումբին համակիրներուն համար: