Հայաստանի ծանրաբարձութեան 15 եւ 17 տարեկանէն վար երկսեռներու ազգային հաւաքականները բացառիկ արդիւնքներ արձանագրելով Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 15 եւ 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն, տիրացան երկու ախոյեանութեան տիտղոսի, տասը` փոխախոյեանի, իսկ երկու պրոնզէ մետալներու:
Հայրենի կազմը այս ախոյեանութեան մասնակցեցաւ 23 երկսեռ մարզիկներով, յայտնեց Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: