Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Տըպպայէի Մարինային մէջ, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը կատարեց 2019-ի մրցանակաբաշխութիւնը:
Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի ներկայացուցիչ Ալի Ֆաուազ, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ եւ այլ անդամներ, մարզական լրագրողներ, հիւրեր, մարզիկներուն ծնողներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները:
Իր խօսքին մէջ, Ֆաուազ շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիրները, իսկ Սալամէ ըսաւ, որ 2020 տարին պիտի ըլլայ բաւական խճողուած տարի մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: