Վաղը` Վալենսիա – Ռէալ Մատրիտ Եւ
Արսենալ – Մանչեսթըր Սիթի
Այս շաբաթավերջին կատարուելիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, ընդհանրապէս պիտի կատարուին թեթեւ ճակատումներ:
Անգլիոյ մէջ, այսօր Լիվըրփուլ (առաջին) պիտի հիւրընկալէ Ուաթֆորտը (20-րդ):
Վաղը տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական մրցում մը` Արսենալի (9-րդ) եւ Մանչեսթըր Սիթիի (3-րդ) միջեւ:
Սպանիոյ մէջ, առաջին դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա հիւրը պիտի ըլլայ Ռէալ Սոսիետատին (4-րդ):
Այլ կարեւոր մրցումի մը, Ռէալ Մատրիտ (2-րդ) հիւրը պիտի ըլլայ Վալենսիային (4-րդ):
Ստորեւ` շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց գրաւած դիրքերը).