Ֆիորենթինայի ֆրանսացի ֆութպոլիստ Ֆրանք Ռիպերիի վիրաբուժութիւնը, որ կատարուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, շատ յաջող անցաւ, յայտնեց անոր ակումբը:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրմով հետաքրքրուած բոլորին` յոյս յայտնելով, որ այդ վիրաբուժութենէն ետք աւելի զօրաւոր ձեւով դաշտ պիտի ներկայանայ եւ մրցումներու մասնակցի:



