Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսատ մնացած մրցումներուն յայտագիրը:
Անիկա կը վերսկսի երեքշաբթի, 7 յունուար 2020-ին:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան երթուդարձի դրութեամբ եւ առանց օտարականներու:
Իսկ աղջկանց ախոյեանութիւնը (Ա. դասակարգ) պիտի սկսի շաբաթ, 11 յունուար 2020-ին: