Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 15-րդ հանգրուանի արդիւնքներուն լոյսին տակ, ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը կրեց փոփոխութիւն:
Լայփցիկ, որ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ֆորթունա Տիւսելտոլֆի դաշտէն, գրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ նահանջեց երկրորդ դիրք` 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Վոլֆսպուրկի դաշտին վրայ: Անիկա իր յաղթանակի կոլը նշանակեց մրցումին վերջին վայրկեանին:
Երկրի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Վերտըր Պրեմընի դէմ:
Ֆիլիփ Քութինիօ հեթրիք մը իրագործեց (45-րդ, 63-րդ, 78րդ), Ռոպերթ Լեվանտովսքի նշանակեց երկու կոլ (45-րդ, 72-րդ), մինչ վերջին կոլը նշանակեց Թոմաս Միւլըր (75-րդ)` 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Իր կարգին, յաղթանակ մը արձանագրեց Պորուսիա Տորթմունտ, որ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մայնց-05-ը:
Լայփցիկ այժմ ունի 33 կէտ, Մէօնշընկլատպախ` 31, Տորթմունտ` 29, Պայէրն` 27: