Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրընկալեց ՍՓԱԼ-ը, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացաւ 79-րդ վայրկեանին, նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը` 83-րդ վայրկեանին: Ա. Էս. Ռոմայի 2 կոլերը նշանակուեցան 53-րդ եւ 66-րդ (փենալթիով) վայրկեաններուն:
Փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ուտինեզէի դէմ արձանագրուած յաղթանակին մէջ (3-1) ունեցաւ իր կարեւոր դերը` տուպլէ մը իրագործելով (9-րդ եւ 37-րդ):
10-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ա. Սէ. Միլան 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Սասուոլոյի հետ:
Իսկ երէկուան վերջին մրցումին, Ինթեր Միլան, որ հիւրը եղաւ Ֆիորենթինայի, արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Մրցումին վերջին վայրկեանին, Ֆիորենթինա նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Ինթեր Միլան պարագլուխի դիրքը զիջեցաւ Եուվենթուսին` կոլէվըրէյճի տարբերութեամբ:



