Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ շարունակեց մնալ ցարդ անպարտելի միակ խումբը` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով վերջին դիրքին վրայ գտնուող Ուաթֆորտը:
Յաղթական կազմին երկու կոլերը նշանակեց եգիպտացի Մոհամետ Սալահ (38-րդ եւ 90-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Լիվըրփուլ այժմ տասը կէտի առաւելութիւն մը ունի իր անմիջական մրցակիցին` Լայսթըր Սիթիի վրայ, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ բաժնուեցաւ իր հիւրէն` Նորուիչէն:
Երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթի 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Արսենալի դաշտէն: Քեւին Տը Պրույնէ տուպլէ մը իրագործեց (2-րդ եւ 40-րդ), մինչ երրորդ կոլը նշանակեց Ռահիմ Սթերլինկ (15-րդ):
Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը` Եունայթըտ, չկրցաւ յաղթել իր հիւրին` Էվըրթընին (1-1), մինչ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած խումբը` Թոթենհամ, 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Վուլվզի դաշտէն: