Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկիզբ առաւ մարզիչներու Գ. կարգի դասընթացքը:
Անոր մեկնարկին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան:
Մելիքբէկեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ.
«Այս դասընթացքները կը նկատուին շատ կարեւոր, ոչ թէ որովհետեւ անոր աւարտին անոր մասնակցողները պիտի ստանան ՖԻՖԱ-ին կողմէ յատուկ վկայագիրներ, այլ որովհետեւ անոնք պիտի պատրաստեն ապագայի ֆութպոլի աստղեր»:
Գ. կարգի վկայագիրը մարզիչներու կրթութեան աստիճանակարգի առաջին հանգրուանն է: Լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգողները իրաւունք պիտի ունենան Բ. կարգի արտօնագիրի դասընթացքին մասնակցելու: