
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի 31-րդ միջազգային մրցաշարքին հինգերորդ օրը, երէկ կատարուած լիբանանեան ճակատումը` Ռիատիի եւ Հուփսի միջեւ, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 94-82 արդիւնքով: Ասիկա Ռիատիի չորրորդ յաջորդական յաղթանակն էր: Յաղթական կազմէն Մայք Էֆիպրա նշանակեց 27 կէտ:
Լիբանանի երրորդ ներկայացուցիչը` Պէյրութ, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբէն, 93-78 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն Ֆետի Խաթիպ նշանակեց 31 կէտ: