Ամերիկացի կրանտմասթըր Ֆապիանօ Քարուանա իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ հոլանտական Վիյք Աան Զիի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի «Թաթա Սթիլ Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին` 2 կէտով գերազանցելով աշխարհի գործող նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընին:
Ան առաւելագոյն 13 կէտէն ապահովեց 10 կէտ (7 յաղթանակ, 6 հաւասարութիւն): Երկրորդ դիրքը 7,5 կէտով գրաւեց ամերիկացի Ուեսլի Սօ:
Վերջին երկու տարիներու ախոյեանն էր Քարլսըն:
Այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 1938-էն ի վեր: