Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցի յանձնախումբին (ակադեմիային), կիրակի, 26 յունուարին իր աւարտին հասաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի միջմասնաճիւղային մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի հետեւեալ մասնաճիւղերը. Պուրճ Համուտ, Ռաուտա, Ֆանար, Անթիլիաս, Այնճար եւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիան:
Երկու ամսուան վրայ երկարած այս մրցաշարքը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Մրցաշարքին մասնակցող ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլիստները իրարու հետ աւելի ծանօթանալէ բացի, իրարու հետ ստեղծեցին սերտ կապեր, եւ ամէնէն կարեւորը` անոնք ՀՄԸՄ-ական բարձր ոգիով մասնակցեցան մրցումներուն:
Տիտղոսակիր հանդիսացաւ Պուրճ Համուտի խումբը, մինչ փոխախոյեան` Ռաուտայի կազմը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Մումջողլեանի եւ Շրջանային վարչութեան այլ անդամներու, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի ակադեմիային պատասխանատուներուն: