Ամերիկեան «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԷՖ. ԷՅ. ԷՅ.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ յայտնեց, որ անուանի պասքեթպոլիստ, 41 տարեկան ամերիկացի Քոպի Պրայընթի ուղղաթիռին ամերիկահայ օդաչուն` Արա Զոբոյեան, անոր ջախջախումէն առաջ վերջին պահուն կրցած է անոր ուղղութիւնը փոխել Լոս Անճելըսի մէկ արուարձանին բնակելի թաղամասէն:
Ցարդ յստակ չէ, թէ անիկա թեքնիք խանգարումի պատճառո՞վ ջախջախուած է: Սակայն կը նշուի, որ զօրաւոր մառախուղին պատճառով չեն կրցած օդաչուին հետ կապ հաստատել եւ անոր ուղղութիւն տալ:
Այդ արկածին պատճառով զոհուեցան ուղղաթիռին մէջ գտնուող բոլոր` 9 անձերը, որոնց կարգին` Պրայընթի 13 տարեկան դուստրը` Ճիաննա: