Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնը գումարեց իր տարեկան համագումարը` ներկայութեամբ քուէարկութեան իրաւունք ունեցող 24 ակումբներէ 18-ին ներկայութեան:
Ժողովականները վաւերացուցին վարչական եւ ելեւմտական տեղեկագիրները եւ քննարկեցին 2020 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն յայտագիրը:
Ժողովին մասնակցող ակումբներուն ներկայացուցիչները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին գործակցելու ֆետերասիոնին հետ, որպէսզի այս մարզաձեւը, միշտ յառաջխաղացք արձանագրէ, իսկ լիբանանցի լողորդները արձանագրեն փայլուն արդիւնքներ, թէ՛ տեղական, թէ՛ արաբական, թէ՛ ալ միջազգային գետնի վրայ: