Լիբանանի թեքուանտոյի պատուիրակութիւնը երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Ֆուժէյրա (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար թեքուանտոյի արաբական ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ Ֆուժէյրայի միջազգային բաց մրցաշարքին:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար մասթըր Մարք Հարպ: Խումբին հետ է նաեւ մարզիչ մասթըր Ռալֆ Հարպ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն տարբեր ակումբներէ 9 երկսեռ մարզիկներ, որոնց կ՛ընկերանան նաեւ կարգ մը մարզիկներուն ծնողները: