Տուպայի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) պասքեթպոլի 31-րդ միջազգային մրցաշարքին վեցերորդ օրը, երէկ լիբանանեան երեք խումբերուն համար ալ եղաւ ոչ այդքան լաւ օր մը` նկատի ունենալով, որ անոնք երեքն ալ պարտուեցան:
Հուփս պարտուեցաւ Սալայէն, Ռիատի` Ուասպէէն, իսկ Պէյրութ` Մայթի Սփորթցէն:
Նշենք, որ հակառակ իրենց կրած պարտութիւններուն, Ռիատի եւ Հուփս ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը, մինչ Պէյրութ կը մնայ սպասողական վիճակի մէջ: