Սպանական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի Կալեսցի միջնապահ Կերըթ Պէյլ եւ պելճիքացի յառաջապահ Էտեն Հազար կը շարունակեն ապաքինիլ իրենց ստացած վնասուածքներէն:
Ըստ արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութեան, Պէյլ բաւական ապաքինած ըլլալով կրնայ մասնակցիլ շաբաթ, 1 փետրուարին Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք «Լա լիկա»-ի մրցումին (22-րդ հանգրուան):
Սակայն Հազար, որ իր փորձերը կը կատարէ անհատական ծրագիրով, յաւելեալ ժամանակի կը կարօտի ֆութպոլի դաշտերը վերադառնալու համար: