Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, շաբաթ 15 փետրուարին, Զահլէի քաղաքապետութիւնը կը կազմակերպէ դպրոցական մարզական ախոյեանութիւն մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն շրջանի 12 վարժարաններու տղոց եւ աղջկանց շարք մը խումբեր:
Տեղի պիտի ունենան պասքեթպոլ, մինի-ֆութպոլ, փինկ փոնկ, աթլեթիզմ եւ այլ տեսակի շարք մը մարզաձեւեր:
Ախոյեանութեան բացման մրցումը տեղի պիտի ունենայ Մար Եուսեֆ երկրորդական վարժարանին մէջ: