Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ գործող ախոյեան` Եուվենթուս կրեց տարեշրջանի իր երրորդ պարտութիւնը, Վերոնայի դաշտին վրայ, 2-1 արդիւնքով:

Եուվենթուսի միակ կոլը նշանակած Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (65-րդ), իր ակումբին պատմութեան մէջ մրցանիշ մը հաստատեց, նկատի ունենալով, որ ան յաջորդաբար 10-րդ մրցումն ըլլալով կոլի հեղինակ դարձաւ: Նախկին մրցանիշը (9), կը պատկանէր ֆրանսացի Տաւիտ Թրեզեկէին (2005):
Նշենք, որ «Քալչիօ»-ի մրցանիշը կը պատկանի (11) արժանթինցի Կապրիել Պաթիսթութային (Ֆիորենթինա, 1994-1995):
Հակառակ իր կրած այս պարտութեան Եուվենթուս մնաց առաջին` իր ունեցած կոլ-էվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Ինթեր Միլանին, որ Միլանօ քաղաքի տերպիի մրցումին շուրջ 76 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 4-2 արդիւնքով յաղթեց Ա. Սէ. Միլանին: Այս վերջինը Ա. կիսախաղին 2-0 արդիւնքով կը յառաջանար:
Զլաթան Իպրահիմովիչ նշանակեց Ա. Սէ. Միլանի երկրորդ կոլը:
Եուվենթուս եւ Ինթեր Միլան այժմ ունին 54-ական կէտ:
Լացիօ Ռոմա (երրորդ), ունեցաւ 53 կէտ` 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Փարմայի դաշտէն: