Իտալական մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ երկրին ֆութպոլի ախոյեանը` Եուվենթուս, շատ մօտէն հետաքրքրուած է Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիով:
Իտալական ակումբին պատասխանատուները մօտէն կը հետեւին Պարսելոնայի մէջ գոյութիւն ունեցող ներքին լարուածութեամբ, մանաւանդ այն բանէն ետք, երբ Մեսսի հրապարակաւ քննադատեց քաթալոնական ակումբին թեքնիք տնօրէնը` Էրիք Ապիտալը:
Մեսսիով հետաքրքրուած են նաեւ Մանչեսթըր Սիթի, Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Ինթեր Միլան:
Թէեւ Մեսսիի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2021, սակայն ֆութպոլիստը այս ամառ այդ պայմանագրութիւնը կրնայ միակողմանիօրէն խզել եւ անվճար տեղափոխուիլ այլ ակումբ: