Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Երեւանի ճատրակի դպրոցներուն 2020-ին տրամադրուող ֆինանսաւորումը աւելցած է:
Այս գծով յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունեցած է Երեւանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան:
Շուրջ 60 առ հարիւրով բարձրացած են ճատրակի դպրոցներու մարզիչներուն աշխատավարձերը, իսկ 25 առ հարիւրով` վարչական աշխատողներուն աշխատավարձերը:
Այսպիսով, մայրաքաղաք Երեւանի կողմէ ճատրակի մարզադպրոցներուն տրամադրուող գումարը աւելցած է շուրջ 37 առ հարիւրով, կազմելով շուրջ 285 միլիոն դրամ: