Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականի նախկին անդամ Սերկէյ Մովսիսեան կը շարունակէ իր տպաւորիչ ելոյթները` «Պունտըսլիկա»-ի ճատրակի ախոյեանութեան մէջ:
5-րդ եւ 6-րդ հանգրուանին, ան իր ակումբին` Պատեն-Պատենի հետ, արձանագրեց երկու յաղթանակ:
Իր այդ յաղթանակներուն շնորհիւ, ան 5 կէտով բարելաւեց իր անհատական վարկանիշը եւ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2649 կէտ, դարձեա՛լ մուտք գործելով աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին հարիւրին մէջ:
Նշենք, որ այժմ անոր խումբը 12 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը: