Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի նշանառութեան ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Ժալըխը, որուն կ՛ընկերակցէր լիբանանցի միջազգային նշանառու Ռէյ Պասիլ:
Ֆետերասիոնին անունով Ժալըխ շնորհաւորեց նախարարը` իր այս նոր պաշտօնը ստանձնելու առիթով, անոր մաղթելով յաջողութիւն:
Ապա Ժալըխ ընդհանուր գիծերու մէջ ամփոփ տեղեկութիւններ ներկայացուց նախարարին` ֆետերասիոնին կատարած աշխատանքներուն եւ այս տարուան ծրագիրներուն մասին, աւելցնելով, որ նշանառութեան ֆետերասիոնին յայտագիրը միշտ ալ կ՛ըլլայ խճողուած, ըլլա՛յ տեղական եւ ըլլա՛յ արաբական ու միջազգային գետնի վրայ:
Ապա ան ներկայացուց Ռէյ Պասիլը, որ հանդիսանալով Ասիոյ ախոյեան` իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ամառը Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունենալիք 2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն:



