Երկուշաբթի, 10 փետրուարին, Լիբանանի երկու ներկայացուցիչները` Ահտ եւ Անսար, Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով կը կատարեն իրենց առաջին մրցումը:

Ահտ, Քամիլ Շամունի մարզական աւանին մէջ, երեկոյեան ժամը 19:00-ին կը հիւրընկալէ պաղեստինեան Հիլալ Քուտըսը, մինչ նոյն օրը, սակայն Քուէյթի մէջ, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Անսար հիւրը կ՛ըլլայ Քուէյթիի:

Վաղը` կիրակի, 9 փետրուարին, «Ռամատա» պանդոկին մէջ (Պէյրութ), կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ահտ եւ հիւր կազմը կու տան մամլոյ ասուլիս մը:
Այս մրցաշարքին տիտղոսակիրն է Ահտ, որ նախորդ 25 ապրիլին իր յաղթանակը արձանագրեց` աւարտականին պարտութեան մատնելով 25-Էյփրըլ խումբը (Հիւսիսային Քորէա):