Երէկ՝ հինգշաբթի,9 յուլիսին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի «Պիչ-ֆութպոլ»-ի 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը, ներկայութեամբ՝ ֆետերասիոնին անդամներուն, որոնց կարգին ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ, «Պիչ-ֆութպոլ»-ի յանձնախումբի նախագահ՝ Վահրամ Պարսումեանի, ինչպէս նաեւ ախոյեանութեան մասնակցող ակումբներուն ներկայացուցիչներուն:
Ախոյեանութիւնը կը սկսի յառաջիկայ 30 յուլիսին:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ՝ Շապապ Ժընահը, Լիբանանեան Ռեժին, Պաքսաթան, Հըրրիէ Սայտան, Լիբանանեան բանակը եւ Քֆարմելքին:
Իսկ Բ. խմբակին մաս կը կազմեն՝ Պէյրութ, Շութ Փրոտաքց, Ռըուայըլզ, Աքուա Մարինա-2, Պըլուզ եւ Շապապ Սահել: