Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի վերջին հանգրուանի վճռորոշ մրցումին, իրարու դէմ մրցեցան երկրին գործող ախոյեանը՝ Արարատ-Արմենիա եւ քանի մը օրեր առաջ երկրին բաժակակիր հանդիսացած՝ Նոան:
Վճռորոշ՝ այն իմաստով, որ մրցումին յաղթականը պիտի հռչակուէր Հայաստանի ախոյեան, նկատի ունենալով որ առաջինը ունէր 49 կէտ, մինչ երկրորդը՝ 48: Նշենք սակայն, որ Արարատ-Արմենիա հաւասարութեամբ մըն ալ պիտի բաւարարուէր:
Արձանագրելով՝ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, Արարատ-Արմենիա յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով հռչակուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան:
Նշենք, որ այս մրցումին կը հետեւէր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ՝ Խոաքին Քափարոս:



