Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականը, պիտի կատարուի առանց հանդիսատեսներու:
Ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին ընթացքին, իրարու դէմ պիտի ճակատին՝ Նոա եւ Արարատ-Արմենիա: Անիկա տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ ուրբաթ, 10 յուլիսին:
Հայկական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին ըսելով, որ ֆետերասիոնը դիմեց երկրին կառավարութեան, սահմանափակ թիւով համակիրներուն դաշտ մուտքը արտօնելու համար: Սակայն այդ մէկը կտրուկ կերպով մերժուեցաւ, երկրին տարածքին «Քորոնա» ժահրին մեծ թիւով տարածման պատճառով:



