Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 35-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ, կը հիւրընկալէ Ալաւեսին, իսկ Ռէալ Սոսիետատ՝ Կրանատային:
Ռէալ մատրիտ, որ իր մրցումը պիտի կատարէ ժամը 23:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 77 կէտ: Անիկա կէտով մը կը գերազանցէ Պարսելոնային, որ այս հանգրուանին ծիրին մէջ, 1-0 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց վերջին դիրքին վրայ գտնուող Էսփանիոլի դէմ, Պարսելոնա քաղաքի տերպիի մրցումին:


