Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-ի 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Ա. Էս. Ռոմա Հռոմի մէջ հիւրընկալեց Փարմային:
Հակառակ անոր որ հիւր կազմը 9-րդ վայրկեանին փենալթիով բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն 43-րդ վայրկեանին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան նշանակեց հռոմեան կազմին հաւասարութեան կոլը: Իսկ անոր մէկ խմբակիցը 85-րդ վայրկեանին նշանակեց այլ կոլ մը եւ Ա. Էս. Ռոմա յաղթեց՝ 2-1 արդիւնքով: Նշանակուած այս երկրորդ կոլին էսիսթը կատարեց նոյնինքն Մխիթարեան:
Նշենք, որ այս հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած Ա. Սէ. Միլան-Եուվենթուս մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով, հակառակ անոր որ Եուվենթուս մինչեւ 62-րդ վայրկեանը, 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէր իր մրցակիցին:
Հակառակ իր կրած այս պարտութեան սակայն, Եուվենթուս եղաւ բախտաւոր, նկատի ունենալով որ անոր անմիջական մրցակիցը եւս՝ Լացիօ Ռոմա պարտուեցաւ:
Եուվենթուս այժմ ունի 75 կէտ, Լացիօ Ռոմա՝ 68, մինչ Ա. Էս. Ռոմա (5-րդ)՝ 51 կէտ:



