Իտալական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան ճանչցուեցաւ 31-րդ հանգրուանի լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Այս հանգրուանին, անոր կազմը 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Փարմայի դէմ:
Հայրենի ֆութպոլիստր կերտեց իր կազմին յաղթանակը, նշանակելով կոլ մը եւ կատարելով նշանակուած երկրորդ կոլին փոխանցումը:
Ինչ կը վերաբերի 32-րդ հանգրուանին, ան իր մասնակցութիւնը չբերաւ Պրեշիայի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (3-0):