Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, , որ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի հաւաքականին երեք ըմբիշներ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով:
Սկզբունքով, հաւաքականը պէտք էր ուսումնամարզական հաւաք մը կատարէր Ծաղկաձորի մէջ, սակայն այդ մէկը չեղեալ համարուեցաւ, մինչեւ որ մարզիկները ամբողջութեամբ չբուժուին:
Նշենք, որ ֆետերասիոնը այդ հիւանդութեամբ վարակուած մարզիկներուն անունները որոշեց չհրապարակել:



