Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի աղջկանց ազգային հաւաքականը յառաջիկայ 25 հոկտեմբերին ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Լուքսամպուրկի դէմ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:
Բաւական երկար բացակայութենէ մը ետք, այս տարուան փետրուարին, հայրենի կազմը սկսաւ վերակազմաւորուիլ եւ կատարել իր ուսումնամարզական հաւաքը, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւ հաւաքական մը ստեղծել:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է՝ Մանուկ Սարգսեան: