Հայաստանի Ազգային Ողիմպիականի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան առաջին խաղերուն: Այդ մէկին պատճառը, բնականաբար «Քորոնա» ժահրն է:
«ԱՊՀ»-ի անդամ պետութիւններուն մարզական պատասխանատուներն ու թեքնիք յանձնախումբին անդամները, իրենց ունեցած աշխատանքային ժողովին ընթացքին («Zoom»-ով), քննարկած են այդ առաջին խաղերուն հետ կապուած տարբեր տեսակի հարցեր:
Կը նախատեսուի, որ այդ խաղերը տեղի ունենան՝ 4-10 սեպտեմբերին: