Մարզական

Մարմնամարզութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը Ուսումնամարզական Հաւաք Կ՛ունենայ

Մարմնամարզութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Ուսումնամարզական Հաւաք Կ՛ունենայ

Աշխարհի ախոյեանութեան նախօրեակին, Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Հայաստանի հաւաքականը այժմ կը գտնուի Գերմանիա, ուր մինչեւ 12 հոկտեմբեր ուսումնամարզական հաւաք կ՛ունենայ: 17-էն 25 հոկտեմբերին, Նետերլանտներու Ռոթերտամ քաղաքին մէջ աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը պիտի մասնակցի Արթուր Դաւթեանի, Արթուր Աւետիսեանի, Համլեթ Մանուկեանի եւ Մամիկոն Խաչատրեանի հետ:

Թոմաս Ադորեան Հիանալի Կոլ Նշանակեց

Թոմաս Ադորեան Հիանալի Կոլ Նշանակեց

Արժանթինահայ միջնապահ Թոմաս Ադորեան գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց Պանֆիլտի հետ Արժանթինի Քլաուսուրայի 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, Ռոսարիօ Սանթրալի դէմ: Մրցումը վերջ գտաւ 1-1 արդիւնքով: Ադորեան 41-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` ուժգին հարուածով մօտ 25 մեթրէն, եւ գնդակը դպնալէ ետք բերդի հորիզոնական ձողին, մտաւ Ռոսարիոյի բերդին մէջ: Պանֆիլտ իր առաւելութիւնը պահեց մինչեւ մրցումի վերջին բաժինը, ուր Ռոսարիօ 80-րդ վայրկեանին միայն կրցաւ...

Քարաթէ.  Մոնիքա Արզումեան` Ոսկի Մետալակիր

Քարաթէ. Մոնիքա Արզումեան` Ոսկի Մետալակիր

Ֆրանսահայ քարաթէի մարզիկ Մոնիքա Արզումեան իր 19-րդ տարեդարձը նշեց ոսկի մետալ նուաճելով աղջկանց 61 քկ կշիռէն վար «քարաթէ 1 սերի Ա.» մրցաշարքին ընթացքին: Զալցպուրկի (Աւստրիա) մէջ տեղի ունեցող այս միջազգային մրցաշարքին, ֆրանսահայ մարզիկը 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր գերմանացի Միա Պիչը աւարտական մրցումին` կիսաւարտականին ալ դուրս ձգելով Աննա Ռոտինան 9-1 արդիւնքով: Արզումեան իր կշիռի աղջկանց դասաւորման մէջ թիւ 3 դասուած...

Թենիս.  Ճոքովիչ 7-րդ Անգամ Ըլլալով  Փեքինի Ախոյեան

Թենիս. Ճոքովիչ 7-րդ Անգամ Ըլլալով Փեքինի Ախոյեան

Սերպ վեթերան թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ 7-րդ անգամ ըլլալով շահեցաւ Չինաստանի թենիսի բաց մրցաշարքը` աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք աւստրալիացի Ալեքս Տէ Մինաորը` 7-6 եւ 0-1 արդիւնքով: Տէ Մինաոր առաջին սեթի աւարտէն ետք մեկնեցաւ դաշտէն` դարմանուելու համար, եւ վերադարձաւ իր ձախ սրունքը կապուած, բայց առաջին կէտը շահելէ ետք մօտեցաւ իրաւարարին եւ յայտնեց, թէ չի կրնար շարունակել մրցումը: 27 տարեկան Տէ Մինաոր ըսաւ....

«Ֆորմիւլա 1».  Ռասըլ Վերջին Դիրքէն  Պիտի Սկսի Սինկափորի Կրան Փրին

«Ֆորմիւլա 1». Ռասըլ Վերջին Դիրքէն Պիտի Սկսի Սինկափորի Կրան Փրին

«Ֆորմիւլա 1»-ի «Մերսետես» խումբի վարորդ բրիտանացի Ճորճ Ռասըլ այս շաբաթավերջին Սինկափորի կրան փրիին վերջին դիրքէն պիտի սկսի: Անբախտ Ռասըլ, որ ամիսներէ ի վեր կը փորձէր մօտենալ տարեշրջանի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող իր խմբակից Քիմի Անթոնելլիի, վերջին կրան փրիներուն վերստին ետ մնացած է անկէ եւ այժմ 84 կէտերով ետ կը մնայ: Այս շաբաթ ալ վերջին դիրքէն սկսիլը լաւ նշան չէ,...

Եթէ Մանչեսթըր Սիթի Պատժուի, Հաալանտ Պիտի Լքէ Ակումբը

Եթէ Մանչեսթըր Սիթի Պատժուի, Հաալանտ Պիտի Լքէ Ակումբը

Նիւթական կանոններու խախտման պատճառով եթէ Մանչեսթըր Սիթին աւելի ցած դասակարգ փոխանցեն, ակումբի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ իր ասպարէզը պիտի շարունակէ Սպանիոյ մէջ` նախապատուութիւնը տալով Պարսելոնային: Ըստ «Ֆութպոլ Ինսայտըր»-ի, նման բեմագրութեան մը զարգացման պարագային, նորվեկիացի յառաջապահը կը մերժէ միանալ Արսենալին: 26 տարեկան յառաջապահին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին ուշի ուշով կը հետեւի նաեւ Ռէալ Մատրիտ: Հաալանտի համար սպանական երկու «հսկայ»-ներն ալ կարեւոր են, եւ...

Նշմար.  Տաղանդը Միշտ Կայ…

Նշմար. Տաղանդը Միշտ Կայ…

ԿԱՐՕ Կ. Հայ համայնքը միշտ ալ լաւ կազմակերպուած էր լիբանանեան մարզական կեանքին մէջ: Սակայն վերջին տարիներուն այդ մէկը քիչ մը նահանջեց խմբային խաղերու գծով: ՀՄԸՄ, ՀՄՄ եւ Անդրանիկ շատ աւելի բարձր դասակարգերու մէջ կը գտնուէին ֆութպոլի պարագային, մինչ պասքեթպոլն ալ նոյն ճակատագիրը պիտի ունենար, եթէ բարձր գումարներ չծախսուէին: Շատեր պատճառաբանութիւններ կ՛ընեն ըսելով, որ հայ տաղանդներ չկան կամ հայ մարզիկներ չկան...

Քարաթէ.  Սուրէն Յարութիւնեան` Արծաթ Մետալակիր

Քարաթէ. Սուրէն Յարութիւնեան` Արծաթ Մետալակիր

Հայաստանի Քարաթէի հաւաքականի անդամ Սուրէն Յարութիւնեան դարձաւ «քարաթէ 1 սիրիզ»-ի մրցաշարքի փոխախոյեան: Ըստ «Արմենփրես»-ի, Աւստրիոյ Զալցպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «քարաթէ 1 սիրիզ Ա.» մրցաշարքի 75 քկ կշիռի կարգին մէջ, Սուրէն Յարութիւնեան հասած է աւարտական, բայց 5-6 արդիւնքով պարտութիւն կրած Ճափոնի ներկայացուցիչէն: Նշենք, որ 2025-ին Սուրէն Յարութիւնեան դարձած էր քարաթէի աշխարհի պրոնզէ մետալակիր:

Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Մէկ Կէտ Խլեց Մոնթենեկրոյի Մէջ

Ազգերու Լիկա. Հայաստան Մէկ Կէտ Խլեց Մոնթենեկրոյի Մէջ

Հայաստանի ազգային խումբը ճերմակ հաւասարութիւն ձեռք ձգեց Փոտկորիցայի մէջ, երբ 0-0 արդիւնքով աւարտեց Մոնթենեկրոյի դէմ իր մրցումը: Շաբաթ մը առաջ Երեւանի մէջ ալ երկու խումբերու ճակատումը հաւասարութեամբ կրնար աւարտիլ (2-2), երբ վերջին վայրկեանին Մոնթենեկրօ կոլ մը նշանակած էր: Հայաստան լաւ պաշտպանուեցաւ եւ նոյն պահուն կոլի պահեր ստեղծեց: Բերդապահ Արսէն Բեգլարեան 5 առիթներէ փրկեց իր բերդը, մինչ Գէորգի Յարութիւնեան իր կարգին...

Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա  Տագնապը Կը Սաստկանայ

Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա Տագնապը Կը Սաստկանայ

Ամիսներէ ի վեր կը լսենք Ռէալ Մատրիտ ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի գանգատները «Նեկրէյրայի գործ»-ին գծով: Յիշեցումի համար ըսենք, որ Խոսէ Մարիա Էնրիքէ Նեկրէյրա 2001-էն 2018 Սպանիոյ ֆութպոլի իրաւարարներու թեքնիք կոմիտէի փոխտնօրէնն էր, եւ իբրեւ թէ Պարսելոնա 7,3 միլիոն եւրօ վճարած է իրաւարարներ կաշառելու կամ մրցումի արդիւնքներուն վրայ ազդելու համար: Սպանիոյ ֆետերասիոնին մօտ շատ երկար ժամանակէ արդիւնքի չհասնելով, «Եու. Է. Էֆ....

Յունաստանի Մէջ Հաւասարելէ Ետք. «Գոհ Եմ…» Կ՛ըսէ Քլոփ

Յունաստանի Մէջ Հաւասարելէ Ետք. «Գոհ Եմ…» Կ՛ըսէ Քլոփ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը վերջին անգամ 2014-ին Մոնտիալ շահեցաւ եւ 2016-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան կիսաւարտական հասաւ: Վերջին 10 տարիներուն ազգային խումբը բնաւ չտպաւորեց գլխաւոր մրցաշարքերուն` քանի մը մարզիչներ ալ փոխելէ ետք: 2026-ի Մոնտիալի ձախողութենէն ետք նշանակուեցաւ բաւական փորձառու Եուրկեն Քլոփը: Անոր նշանակումով շատ բաներ փոխուեցան, նոյնիսկ մրցումներուն սկսելէն առաջ: Համակիրները շատ լաւ գիտեն Քլոփը, որ տարբեր մթնոլորտ կրնայ ստեղծել խումբին մէջ,...

Թենիս.  Չարայեւա` Յաղթական

Թենիս. Չարայեւա` Յաղթական

Հայաստանի աղջկանց թենիսի ներկայացուցիչ Ալինա Չարայեւա, Փեքինի թենիսի մրցաշարքի Գ. հանգրուանին պարտութեան մատնեց բրիտանացի Սոնայ Քարթալը` 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով: Թիւ 1 թենիսվումըն Էլենա Ռիպաքինայի յաղթելէ ետք, բնականաբար Չարայեւա աւելի ինքնավստահ կը խաղայ: Այսօր Չարայեւա Դ. հանգրուանին գծով պիտի մրցի չինացի Քինուեն Ժենկի (թիւ 54) դէմ: Պէտք է նշել, որ Արինա Սապալենքա (թիւ 2) իր կարգին անակնկալ պարտութիւն կրեց չեխ...

Պասքեթպոլ.  Ռիատի 3-րդ Տարին Ըլլալով  Շահեցաւ Ուասլի Բաժակը

Պասքեթպոլ. Ռիատի 3-րդ Տարին Ըլլալով Շահեցաւ Ուասլի Բաժակը

Ռիատի շահեցաւ Ուասլի տիտղոսը` աւարտականին 75-67 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սաժեսին: 3-րդ յաջորդական տարին ըլլալով Ռիատի յաջողեցաւ տիրապետել այս մրցաշարքին, որ սկսած էր 2022-2023 տարեշրջանին: Տուպայի մէջ սկսած առաջին մրցաշարքը շահած էր Պահրէյնի Մանամա խումբը, մինչ Ռիատի գրաւած էր 4-րդ դիրքը: 2023-2024 տարեշրջանին Տոհայի մէջ (Քաթար) Ռիատի պէտք ունեցած էր յաւելեալ 5 վայրկեաններու` յաղթելու Սաժեսին 100-90 արդիւնքով: Անցեալ տարեշրջանին Ռիատի 104-77...

«Սփարք Լիկ».  ՀՄԸՄ-ի Աղջիկները` Ախոյեան

«Սփարք Լիկ». ՀՄԸՄ-ի Աղջիկները` Ախոյեան

Կիրակի գիշեր, «Սփարք լիկ»-ի աղջկանց ֆութպոլի մրցաշարքը վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով: ՀՄԸՄ-ի պատանիներու խումբը (20 տարեկանէն վար) աւարտական մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆինիքսը: Սօսէ Սեփեթճեան 12 տարեկանին ընտրուեցաւ մրցաշարքի լաւագոյն մարզիկ: Սեփեթճեան շատ գեղեցիկ ձեւով նշանակեց համաշխարհային կոլ մը` ձախ կողմէն խաղի բերելէ ետք մրցակից մը եւ աջ ոտքով գնդակը օդային անզսպելի հարուածով մը նշանակելով Ֆինիքսի բերդին վերի ձախ...

Ճատրակ.  Հայաստան Հիւրընկալեց Դպրոցականներու  Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

Ճատրակ. Հայաստան Հիւրընկալեց Դպրոցականներու Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ ՖԻՏԷ-ի կազմակերպած ճատրակի դպրոցականներու խմբային աշխարհի ախոյեանութեան եւրոպական փուլը: Մրցաշարքին մասնակցեցան 25 երկիրներէ 27 խումբեր: Մասնակիցները կատարեցին 8 հանգրուաններ, որոնց արդիւնքներով Պիելոռուսիոյ Մինսքի թիւ 50 գիմնազիայի խումբը դարձաւ ախոյեան: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Լաթվիոյ Ռիկայի թիւ 1 պետական Գիմնազեան, իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Վրաստանի Քութայիսի Անդրիա Ռազմածէի անուան թիւ 41 հանրային դպրոցը: Հիւրընկալ երկիր Հայաստան իրաւասութիւն ունէր...

Սամպօ.  Հայաստան Լաւ Ձեւով Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

Սամպօ. Հայաստան 4 Մետալ Եւս Շահեցաւ

Հայաստանի Սամպոյի հաւաքականը իր 3-րդ եւ վերջին օրուան մրցումներուն մասնակցեցաւ կրտսերներու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան Թեսաղոնիկէի մէջ (Յունաստան): Մինչեւ 53 քկ կշիռի մրցումներու արծաթէ մետալակիր դարձաւ Արման Փարսիեանց: Այս կշիռի ոսկի մետալը շահեցաւ Արկաթի Քլիոյեւ: Մինչեւ 58 քկ կշիռի պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Արման Եկանեան: Մինչեւ 88 քկ կշիռի պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Գոռ Անտոնեան, մինչ ոսկի մետալակիր դարձաւ յունահայ...

Ֆութսալ.  Եունիսփորթ Ձեռք Ձգեց 2 Պրազիլցիներ

Ֆութսալ. Եունիսփորթ Ձեռք Ձգեց 2 Պրազիլցիներ

Երեւանի Եունիսփորթ ֆութսալի խումբը կը շարունակէ զօրացնել իր կազմը` ֆութսալի «Չեմփիընզ լիկ»-ի հիմնական փուլը սկսելէն առաջ: Հայկական ակումբը ձեռք ձգեց պրազիլցի երկու մարզիկներ` Էլիսանտրօ եւ Մարքինիոս: Խումբին ամէնէն շատ տիտղոսակիր նորեկն է 37 տարեկան յառաջապահ Էլիսանտրօ: Անոր տիտղոսներուն մաս կը կազմէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսը` սպանական Ինթեր Մովիսթարի հետ: Իր ասպարէզի ընթացքին պրազիլցին խաղցած է նաեւ փորթուգալական Պենֆիքայի եւ Պրակայի, ինչպէս...

Ազգերու Լիկա. Փորթուգալ Առանց Ռոնալտոյի Յաղթեց. Նետերլանտներ Յաղթեց, Գերմանիա Հաւասարութիւն Արձանագրեց

Ազգերու Լիկա. Փորթուգալ Առանց Ռոնալտոյի Յաղթեց. Նետերլանտներ Յաղթեց, Գերմանիա Հաւասարութիւն Արձանագրեց

Ազգերու լիկայի Եւրոպայի գօտիի 4-րդ հանգրուանի մրցումները սկսան կիրակի գիշեր: Փորթուգալ առանց Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի կրցաւ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Նորվեկիոյ: Նորվեկիա բացաւ մրցումին հաշիւը` կեդրոնի յետսապահ Քրիսթոֆեր Այերի շնորհիւ, բայց հազիւ 2 վայրկեան ետք Ժոաօ Քանսելօ կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը: 79-րդ վայրկեանին Կոնսալօ Ռամոս նշանակեց Փորթուգալի յաղթանակի կոլը, եւ Փորթուգալ եղաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց քառորդ աւարտականի առաջին տոմսը, Դ. խմբակին...

«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափեն Շահեցաւ Պահրէյնի Կրան Փրին, Որ Տեղի Ունեցաւ  Մալեզիոյ Մէջ

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափեն Շահեցաւ Պահրէյնի Կրան Փրին, Որ Տեղի Ունեցաւ Մալեզիոյ Մէջ

Անցեալ ապրիլին Պահէյնի մէջ տեղի պիտի ունենար «Ֆորմիւլա 1»-ի գծով Պահրէյնի կրան փրին, բայց Միջին Արեւելքի պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով անիկա ջնջուեցաւ: «Էֆ. Այ. Էյ.» ամրան սկիզբը որոշած էր կրան փրին անունը պահել Պահրէյնի կրան փրի, բայց զայն կատարել Մալեզիոյ Սեփանկ շրջանին մէջ: Մալեզիոյ վերջին կրան փրին տեղի ունեցած էր 2017-ին, ուր նետերլանտցի Մաքս Վերշթափեն շահած էր օրին: Բ. դիրքը գրաւած...

ՀՄԸՄ Պէյրութ` Դ. Դասակարգի Ախոյեան

ՀՄԸՄ Պէյրութ` Դ. Դասակարգի Ախոյեան

ՀՄԸՄ Պէյրութ երէկ յետմիջօրէին Պհամտունի մէջ անմոռանալի մրցումէ մը ետք վերադարձաւ Պէյրութ` Դ. դասակարգի ախոյեանութեան բաժակով: Մրցումին հերոսներն էին Մուսա Ամին եւ բերդապահ Ժաուատ Սապրա: Շապապ Պըրժ առաջին կիսախաղին կոլ մը նշանակեց եւ Բ. կիսախաղին ալ կոլ մը եւս աւելցուց 62-րդ վայրկեանին: ՀՄԸՄ Բ. կիսախաղին շատ աւելի էր եւ առիթներ կը ստեղծէր, սակայն հակայարձակումով մը Շապապ Պըրժ կրցած էր կոլ...

Page 6 of 1274 1 … 5 6 7 … 1,274

Արխիւներ