Ռիատի շահեցաւ Ուասլի տիտղոսը` աւարտականին 75-67 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սաժեսին:
3-րդ յաջորդական տարին ըլլալով Ռիատի յաջողեցաւ տիրապետել այս մրցաշարքին, որ սկսած էր 2022-2023 տարեշրջանին:
Տուպայի մէջ սկսած առաջին մրցաշարքը շահած էր Պահրէյնի Մանամա խումբը, մինչ Ռիատի գրաւած էր 4-րդ դիրքը:
2023-2024 տարեշրջանին Տոհայի մէջ (Քաթար) Ռիատի պէտք ունեցած էր յաւելեալ 5 վայրկեաններու` յաղթելու Սաժեսին 100-90 արդիւնքով:
Անցեալ տարեշրջանին Ռիատի 104-77 արդիւնքով յաղթած էր Իրանի Թապիաթին, այս տարի ալ յաղթանակը կրկնուեցաւ Զուք Միքայէլի մէջ` Սաժեսի դէմ:
Ռիատիի նոր սենթըր Նիքոլաս Ուեսթ 13 կէտ, 12 ռիպաունտ, 3 էսիսթ եւ 1 պլոք կատարեց 40 վայրկեան անդադար խաղալով: Զաք Լոֆթըն 25 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ կատարեց 2 սթիլ:
Հայկ Կէօքճեան 13 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռգ ձգեց, մինչ Տոնավըն Ուիլիամս 11 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց իր կարգին 2 սթիլ կատարելով:
Սաժեսէն իր լաւագոյն ելոյթը ունեցաւ Քարիմ Իզզէտտին 17 կէտ եւ 7 ռիպաունտ նշանակելով, Պեշանտրէ Ուաշինկթըն միայն 9 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ խումբին մնացեալ օտար մարզիկները` Ճամալ Ճոնզ (9 կէտ) եւ Էյ. Ճէյ. Ինկլիշ (7 կէտ) միջակ ելոյթներ ունեցան: Ռիատի ունէր վիրաւոր մարզիկներ, որոնցմէ Ալի Մանսուր միայն 13 վայրկեան խաղցաւ եւ այսօր վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի, մինչ Նայիմ Ռապայ, Ալի Մահմուտ եւ Ամիր Սէուտ թեթեւօրէն վիրաւոր են:
Սաժեսէն կը բացակայէր Եուսեֆ Խայեաթ, որ կիսաւարտականին Քուէյթի դէմ վիրաւորուած էր:


