Ֆրանսահայ քարաթէի մարզիկ Մոնիքա Արզումեան իր 19-րդ տարեդարձը նշեց ոսկի մետալ նուաճելով աղջկանց 61 քկ կշիռէն վար «քարաթէ 1 սերի Ա.» մրցաշարքին ընթացքին:
Զալցպուրկի (Աւստրիա) մէջ տեղի ունեցող այս միջազգային մրցաշարքին, ֆրանսահայ մարզիկը 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր գերմանացի Միա Պիչը աւարտական մրցումին` կիսաւարտականին ալ դուրս ձգելով Աննա Ռոտինան 9-1 արդիւնքով:
Արզումեան իր կշիռի աղջկանց դասաւորման մէջ թիւ 3 դասուած է ըստ Ֆրանսայի քարաթէի ֆետերասիոնին: Քումիթէ քարաթէի դէմ առ դէմ մենամարտի մարզաձեւն է:
Արզումեան 2024-ին շահած էր աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը, իսկ 2025-ին Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը` 59 քիլոկրամէն վար կշիռի կարգին մէջ: Անցեալ յունիսին ան ոսկի մետալ շահած էր «Քարաթէ 1» մրցաշարքին, Ռապաթի մէջ (Մարոք):


